2010-10-29 12:54:24

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Խօսքը Գիտնականներուն` ՜՜Գիտութիւնը Երկխօսութեան Վայր՝՝ Նիւթով։


Ընդունելով՝ Գիտութիւններուն քահանայապետական կաճառի անդամաները իրենց լիանիստ ուսումնաժողովին առթիւ, Նորին Սրբութիւնը մաղթանք յայտնեց որ գիտութիւնը առաջնորդուի եղբայրակցութեան ու խաղաղութեան հրամայականներով, եւ արդարութեան ու բարիի փնտռտուքով։
Ապա Սրբազան Քահանայապետը դիտել տուաւ թէ՝ այս մանսնաճիւղը ոչ փառք է եւ ոչ սպառնալիք, այլ`ճշմարտութենէն հրապուրուած համբերատար հետազօտութիւն մըն է։ Սրբազան Հայրը հրաւիրեց գիտնականները որ իրենց աշխատանքին մէջ փնտռեն ճշմարտութիւն եւ կիրարկեն յայտնաբերումները մարդու բարիքին ի խնդիր։
Հուսկ՝ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը դիտել տուաւ թէ ՜՜գիտութիւնը պէտք է ըլլայ վայրը երկխօսութեան, հանդիպում մը` մարդու եւ բնութեան միջեւ եւ, ինչո՞ւ չէ, մարդու եւ Արարիչին միջեւ՝՝։







All the contents on this site are copyrighted ©.